image
Հրատապ լուրեր:

Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի ծիսական տօնը

Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի ծիսական տօնը

Վատիկանյան լուրեր-Շաբաթ, 8 Յունիս 2019ին, հայ տօնացոյցին մէջ կը յիշատակուի հայոց մեծ եղեռնի նահատակ Երանելի Իգնատիոս  Մալոյեանի ծիսական տօնը։

Աւազանի անունով Շիւքրալլահ Մալոյեան, ծնած է 19 Ապրիլ 1869-ին Մարտինի մէջ։ Բարեպաշտ ընտանիքի զաւակ,  փոքր տարիքէն կը յաճախէ  տեղւոյն թեմական դպրոցը։

1883-ին  օրուան վիճակաւորը` Մելքոն արք. Նազարեան, նկատելով  փոքրիկն Մալոյեանի մէջ բարեպաշտութեան ու քահանայական կոչումի ստոյգ նշաններ զինք Լիբանան կը ղրկէ, Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան նորընծայարան՝ ուր ան կը ստանայ բազմապիսի զարգացում եւ յատկապէս որդիական ջերմեռանդութիւն Ս. Կոյս Աստուածածնի հանդէպ։

1888-ին առողջական վիճակին պատճառով  կը հարկադրուի  վերադառնալ ծննդավայր եւ երեք տարի կազդուրուելէ ետք,  կը վերադառնայ Զմմառ  ու այնտեղ յաջողութեամբ կ'աւարտէ փիլիսոփայական եւ աստուածաբանական ուսումները։

6 Օգոստոս 1896-ին կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի` դառնալով նաեւ անդամ Զմմառու Պատրիարքական Ուխտին եւ կ'առնէ Իգնատիոս անունը, ի սէր Անտիոքացի մեծ սուրբին, որ Քրիստոսը քարոզեց իր արեան գնով։ Ունենալով ամուր դաստիարակութիւն եւ օրինակելի կեանք,  նշանակուեցաւ հոգեւոր հայր վանաբնակ քահանաներուն  եւ նորընծաներուն։

Պաշտօնավարեց Աղեքսանդրիոյ եւ Գահիրէի մէջ, aպա Պոլիս կանչուեցաւ որպէս ընդհանուր քարտուղար՝ Պօղոս Պետրոս ԺԲ Սապպաղեան պատրիարքին, որ իրեն շնորհեց գերյարգելիութեան աստիճանը։ Ապա  դարձեալ Աղեքսանդրիա ղրկուեցաւ  ու այնտեղ պաշտօնավարեց մինչեւ 1910,  երբ մեծաւորները զինք ղրկեցին Մարտին քաղաքը (ուր տեղւոյն վիճակաւորը՝  Յուսիկ արք. Կիւլեան  հրաժարած էր պաշտօնէն տարիքի բերումով) այնտեղ  գերյ. Մալոյեան  վարեց Թեմին ընդհ. Գործակալի պաշտօնը։

1911 ին Հռոմի մէջ կայացած  Հայ Կաթողիկէ Նուիրապետութեան Ազգային Սիւնոդոսին  ինք եւս կանչուած էր վարելու  Սիւնհոդոսի  քարտուղարի  եւ ատենապետի պաշտօնը եւ նիստերէն մէկուն ընթացքին ան ընտրուեցաւ  Մարտինի Թեմի արքեպիսկոպոս՝ 22 հոկտ. 1911 ին եւ եպիսկոպոս օծուեցաւ  ձեռամբ Ամեն. Պօղոս Պետրոս ԺԳ Թերզեան Պատրիարքին։ Նշենք թէ  Հռոմէն Մարտին վերադարձի ճամբուն, ան  հանդիպեցաւ  Զմմառու վանքը,  ուր մեծ պատիւներով ընդունուեցաւ  իր միաբանակից եղբայրներուն կողմէ: Ու երբ իրմէ խնդրեցին որ Վանքին Ոսկեմատեանին մէջ  երկտող մը  յուշագրէ, ան՝  Մալոյեան Եպիսկոպոսը,  գրած էր. «Դժբախտաբար յիշատակութեան արժանի ոչ մէկ գործ կատարած եմ ...»՝ յիշելով՝ իր կատարած ծառայութիւնները իր ժողովուրդին։

7 Հոկտեմբեր 2001-ին,  Հայ ժողովուրդի քրիստոնէացման 1700 ամեակին առիթով, երջանկայիշատակ ՅՊԲ  քահանայապետը Ս. Պետրոս հրապարակը խմբուած հաւատացեալներուն ու եկեղեցական ու քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն ներկայութեամբ  կատարեց երանացման արարողութիւնը  Մարտինի նահատակ եպիսկոպոսին։

«Մէկ ու կէս միլիոն հայեր իրենց արիւնը թափեցին ի սէր Քրիստոսի։ Անոնք առանց վարանելու՝ ընտրեցին մահը քան ուրացումն ու կրօնափոխութիւնը, ընտրեցին մահը եւ չհրաժարեցան իրենց քրիստոնեայ հաւատքէն»,- ըսած էր այդ առթիւ Երջանկայիշատակ Սուրբ Քահանայապետը ։

Արժանի է յիշել թէ  Հռոմի Սուրբ Բարթողոմէոս Պազիլիքայի մէջ պահպանուած է Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի ձեռագիր մէկ նամակը, որուն Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան յանձնման արարողութիւնը տեղի ունեցած է 2009-ի մարտ 5-ին, ի ներկայութեան երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին։

Իսկ 2015-ին ապրիլին, Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ Հայոց ցեղասպանութեան բիւրաւոր նահատակներու յիշատակին կայացած Սուրբ Պատարագի աւարտին, երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքը՝  Ֆրանչիսկոս Պապին առ ի երախտագիտութիւն Անոր նուիրեց Երանելի Մալոյեանի մէկ սրբապատկերը: 

 

 

ԵՐԱՆԵԼԻ ԻՆԳՆԱՏԻՈՍ ՄԱԼՈՅԵԱՆԻ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆԸ


Յունիս 10-ի երեկոյեան, Մալոյեան առաջնորդը եւ 417 հոգիներ, երիտասարդ եւ ծեր, կղերական եւ աշխարհական, իրարու շղթայուած, Մարտինէն դուրս կը քշուին: Գողգոթայի ճամբու ընթացքին, զինուորները կը հեռացնեն ծեր կալանաւորները, եւ կ՛առաջնորդեն այլուր, կը մերկացնեն, կը կողոպտեն ու կը սպանեն: Ապա կը վերադառնան ու կը խոստանան կալանաւորներու խմբակները տուն վերադարձնել, սակայն զիրենք եւս հեռու վայր մը կ՛առաջնորդեն ու կը սպանեն:

Երբ Առաջնորդը իրազեկ կը դառնայ իր հօտին դժբախտ վախճանին մասին, կ՛ըսէ Մամտուհ Պէյին. «Վստահ եմ, որ օգնականներդ յօշոտած են մեզմէ շատերը, հեռու տանելով զիրենք: Անտարակոյս ես ալ նոյն ճակատագիրը պիտի ունենամ մնացած հաւատացեալներուս հետ: Կը խնդրեմ քեզմէ, արտօնէ՛ ինծի, վերջին անգամուան համար խօսք մը ուղղել հօտիս»: Մալոյեան Գերապայծառին խնդրանքը կ՛ընդունուի: Եւ երբ Մամտուհ Պէյի զինուորները կը հեռանան, Առաջնորդը եւ հաւատացեալները կ՛աղօթեն Աստուած պաղատագին, օգնութիւն աղերսելով Անկէ, որ նահատակութեան շնորհքը ընդունին:

Ապա Մալոյեան Գերապայծառը կը սրբագործէ հացը, քահանաները սուրբ մասնիկները կը բաշխեն հաւատացեալներուն: Այս երկնային արարողութեան դէպքին ականատես զինուորները կը պատմեն, թէ լոյսի թանձր ամպ մը ծածկեց Քրիստոսի մարտիկներու փաղանգը, զանոնք ամբողջովին թաքցնելով զինուորներուն աչքերէն: Անուշահոտ բուրմունք մը տարածուեցաւ բոլորին վրայ: Ամէնքը հիացան տեսնելով հրճուանքի, ուրախութեան եւ խաղաղութեան նշանները, նահատակութեան պատրաստ այս մարդոց դէմքերուն վրայ:

Մալոյեան Գերապայծառը վերադառնալով՝ ըսաւ Մամտուհ Պէյին. «Վերջին պարտականութիւնս կատարեցի, այժմ ըրէ՛ ինծի ինչ որ կ՛ուզես»: Այնուհետեւ, ոստիկանապետը կը հրամայէ պահել Մալոյեան Գերապայծառը, եւ տանիլ մնացած մարդիկը Զարզուանի դղեակը, ուր կը մերկացնեն զիրենք ու կը սպանեն: Նահատակներուն մարմինները կը նետեն ջրհորի մը մէջ:

Մամտուհ Պէյ կրկին կը նեղէ Մալոյեան Գերապայծառը, հարցաքննելով զինք եկեղեցւոյ եւ առաջնորդարանի մէջ կարծեցեալ պահուած զէնքերու մասին, եւ փրկուելու համար, կը պահանջէ անկէ ընդունիլ մահմետականութիւնը: Առաջնորդը անվարան կը պատասխանէ.«Կ՛անտեսես՝ ինչ որ ըսի ու հաստատեցի քեզի. ամբաստանութիւններդ ինծի նկատմամբ անհիմն են. եւ երբեք չեմ ուրանար հաւատքս. շտապէ՛ եւ զիս սպանէ՛ ու հասցու՛ր զաւակներուս, որ մասնակից դառնամ իրենց երկնային հարսանիքին»:

Մամտուհ Պէյ կը վարանի քանի մը րոպէ եւ կրկին Երան. Մալոյեանին կը հարցնէ. Կ՛ընդունի՞ս մահմետականութիւնը որպէս կրօնք»:

Մալոյեան Գերապայծառը անվարան ու հաստատ խօսքերով կը պատասխանէ. «Զարմանալի է հարցումդ, որովհետեւ կ՛ապրիմ եւ կը մեռնիմ իմ ճշմարիտ հաւատքիս համար եւ Քրիստոսի Խաչը իմ հպարտանքս է, Տէրս եւ Աստուածս»: Այն ատեն, ջղայնացած ու զայրացած՝ վայրենի Մամտուհ Պէյ ատրճանակը կը հանէ ու կը կրակէ Մալոյեան Առաջնորդին վրայ: Սրբակեաց եպիսկոպոսը կը վիրաւորուի վիզէն ու գետին կ՛իյնայ, արտասանելով հետեւեալ խօսքերը. «Տէր, գթա՛ ինծի, ձեռքերուդ մէջ կը յանձնեմ հոգիս»... ու կ՛աւանդէ հոգին: