Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան առաջնորդ Ապտուլա Օճալանը կոչ ըրած է քիւրտ օրէնսդիրներուն եւ հազարաւոր ազատազրկուածներուն դադրեցնելու հացադուլը, կը հաղորդէ Reuters-ը:
«Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն» քրտամէտ կուսակցութեան պատգամաւոր Լեյլա Կուվէնը նոյեմբերին յայտարարած էր հացադուլ՝ փորձելով վերջ դնել բանտին մէջ Օճալանի մեկուսացման եւ հնարավորութիւն տալ անոր պարբերաբար հանդիպիլ իր ընտանիքին եւ փաստաբաններուն:
«Հացադուլին միացած ընկերներ, ես կ'ակնկալեմ, որ դուք կը դադրեցնեք ձեր բողոքը»,-ըսուած է Օճալանի յայտարարութեան մէջ, որ ընթերցուած է Պոլսոյ մէջ մամուլի ասուլիսի ժամանակ:
Հացադուլի 200-րդ օրը Լեյլա Կուվէնը յայտարարեց, որ հասած են իրենց նպատակին։ Թրքական կառավարութիւնը հանած է բանտեր այցելութեան արգելքը փաստաբաններու համար, ուր ցմահ պատիժ կը կրէ Օճալանը:
Մօտ 3000 մարդ միացած է հացադուլին Թուրքիոյ 90 բանտերու մէջ։ Այսօր Օճալանը շնորհակալութիւն յայտնած է անոնց աջակցութեան համար եւ ըսած, որ անոնցմէ կը սպասուի, որ դադրեցնեն բողոքը։