image
Հրատապ լուրեր:

ՀՄԸՄ-ի Մայիսեան փառատօն՝ Պուրճ Համուտի մէջ

ՀՄԸՄ-ի Մայիսեան փառատօն՝ Պուրճ Համուտի մէջ

Երէկ` 26 մայիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 6:00-էն սկսեալ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, ուր տեղի ունեցաւ աւանդական դարձած մայիսեան փառատօնը, որ հոգեպարար ու յուսադրիչ էր արտասանուած խօսքերով, հպարտալի, յուզիչ եւ խոստմնալից էր խրոխտ կեցուածքով, վճռական քայլերով, բարձր ճակատներով տողանցող տարազաւորներով, մարզիկներով, աշակերտներով ու միութենականներով, ուրախութիւն եւ խանդավառութիւն սփռող էր պաշտօնական բաժինէն ետք կայացած տօնակատարութեամբ:  Մայիսեան յաղթանակի ոգին կը թեւածէր հայութեան բաբախուն սիրտը հանդիսացող Պուրճ Համուտի մէջ, ուր լիբանանեան տարբեր շրջաններէ եկած եւ լիբանանահայութեան ապագան մարմնաւորող տղաք ու աղջիկներ, փոքրեր ու երէցներ, պաշտօնական հիւրեր թէ ժողովուրդ հաստատեցին, որ իրենք տէրն են մայիսեան աւանդին ու յաղթանակին, հպարտ են արդէն դար մը ամբողջ հայապահպանման եւ հայեցի դիմագիծով սերունդներու կերտման սրբազան առաքելութեան լծուած ՀՄԸՄ-ով ու շարունակողն են հայրենիքի ու հայութեան համար իրենց անձը զոհաբերած հերոսներու երթին:

Փառատօնին տեղի ունեցաւ ԼԵՎԱՄ-ի մրցաշարքերուն մասնակցած աշակերտներու բաժակներու եւ վահաններու  տուչութիւնը: Լաւագոյն մարզիկ յայտարարուեցաւ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանէն Հրակ-Դրօ Կիւրիւնլեան, լաւագոյն մարզիկուհի` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճէն Փաթիլ Ասատուրեան, լաւագոյն մարզիչ` Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանէն Գրիգոր Մեսճեան: Միջնակարգի վահանին տիրացաւ Մխիթարեան վարժարանը, իսկ երկրորդականի` Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանը, իսկ Հայկազեան համալսարանի «ֆէյր փլէյ»-ի մրցանակին արժանացաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը:

Միջոցառման խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, որ խանդավառութեան, յոյսի եւ լաւատեսութեան աղբիւր նկատեց ՀՄԸՄ-ի երկրորդ հարիւրամեակի մայիսեան այս առաջին փառատօնը: Ան ըսաւ, թէ այս միութեան շարքերը մնայուն վերանորոգման մէջ են, անոր երդիքին տակ կու գան, կը թրծուին, կը կազմաւորուին ու կ՛անցնին իրերայաջորդ սերունդներ,  նորերը կու գան հիներուն տեղը առնելու, հաստատելու, որ նուիրական երթը կը շարունակուի, իսկ մեր ժողովուրդի զաւակները միշտ ալ իրենց զաւակներն ու թոռները կը վստահին այս «կամաւոր բանակ»-ին, որ 100 տարուան իր ծառայութեամբ ու նուիրումով յարգանքի եւ գնահատանքի արժանի է բոլորին կողմէ:

Փառատօնին եւ տողանցքին մասին խօսելով` Գ. Մկրտիչեան ըսաւ. «Այսօր այստեղ ներկայացուածը, սակայն, արտացոլումն է ամբողջ տարուան մը վրայ երկարած կազմակերպչական, սկաուտական եւ մարզական այն հսկայական աշխատանքին, որուն լծուած են այս միութեան երախտաւորները մեծով ու փոքրով, վարչականով ու խմբապետով, միութեան բարերարով եւ բարեկամով: Բոլորին վարձքը կատա՛ր, մանաւանդ որ անցնող տարին սովորական տարի մը չէր, եւ աշխատանքներն ալ սովորական չէին: 2018-ն ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի տարին էր, աշխատանքները նուիրուած էին 100-ամեակին, յաջողութիւնները եւ իրագործումներն ալ վայել էին 100-ամեակին»:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը դիտել տուաւ, որ փակուած հարիւրամեակով կը բացուի նոր հարիւրամեակի էջը, որ սկսաւ ՀՄԸՄ-ի երիտասարդական համագումարով, երիտասարդութեան նկատմամբ միութեան ցուցաբերած յաւելեալ ուշադրութեամբ, որուն շօշափելի արտայայտութիւնը կը հանդիսանայ միութեան սկաուտական եւ մարզական բաժիններուն կողքին երիտասարդական բաժինը, որ կը համախմբէ 18-30 տարեկան ՀՄԸՄ-ականներ, որոնք միութենական միջավայրի մէջ մնալով իրենց համար կը ստեղծեն աշխատանքի յատուկ դաշտեր:

Գ. Մկրտիչեան յայտարարեց, թէ նոր 100-ամեակի նորութիւններէն է Արցախի մէջ գործունէութեան ծաւալումը:  «Այսօր, Հայաստանի անկախութեան 101-ամեակին նուիրուած այս փառատօնին ուրախութիւնը ունիմ մեր ժողովուրդին աւետելու, որ շուտով ՀՄԸՄ իր 111-րդ մասնաճիւղը կ’ունենայ Ստեփանակերտի մէջ եւ կը լծուի Արցախի մէջ կազմակերպական իր ցանցին ստեղծման ու տարածման: Այսպէս, ՀՄԸՄ-ի յաջողութիւնները կանգ չեն կրնար առնել երբե՛ք: ՀՄԸՄ կոչուած է հասնելու հո՛ն, ուր հայութիւն կայ, կազմակերպ կեանքի անհրաժեշտութիւն կայ, սերունդ դաստիարակելու պահանջ կայ: Եւ այդ անհրաժեշտութիւնն ու պահանջը, այս օրերուն, քիչ մը ամէն տեղ կան. Հայաստանի մարզերէն մինչեւ ամերիկեան ցամաքամասի հեռաւոր շրջաններ, անցնելով Եւրոպայի հայկական նորակազմ համայնքներէն եւ Միջին Արեւելքի աւանդական մեր գաղութներէն», նշեց ան:

Խօսքին յաջորդ բաժինով Գառնիկ Մկրտիչեան խօսեցաւ Լիբանանի մասին, ուր ՀՄԸՄ-ական հսկայական գործ ու վաստակ կայ, հպարտութեան եւ խանդավառութեան անպատմելի յաջողութիւններ: 

Այնուհետեւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին հնչեցուցած երաժշտութեան կշռոյթներով խրոխտ, հպարտ եւ հաստատ քայլերով, պահանջատէր ու ինքնավստահ հայու դոփիւնով տողանցեցին ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղերը, շրջանային խմբապետութիւնը, վեթերան խմբապետները եւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ը, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի տղոց ներկայացուցչական խումբը, ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, փինկ փոնկի, աթլեթիզմի, ճատրակի եւ հեծելարշաւի ներկայացուցչական խումբերը, ՀՄԸՄ Անթիլիասի պասքեթպոլի աղջկանց խումբը, ինչպէս նաեւ մասնաճիւղերու տարբեր մարզական խումբերն ու դպրոցները, ԼԵՎԱՄ-ի մրցումներուն մասնակցած հայկական տարբեր վարժարաններու աշակերտները:

Այս տարուան փառատօնին պաշտօնական բաժինին յաջորդեց տօնական բաժինը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին «Միհրան պենտ»-ը, երգիչներ Սերոբ Յակոբեան եւ Հրաչ Կայծակեան` նուագակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի: Նաեւ տեղադրուած էին տաղաւարներ, որոնց շուրջ համախմբուեցան ներկաներն ու սկաուտները:

 

 

Լուրը՝ «Ազդակ»էն (Յապաւուած)