Մհեր եւ Սոֆի Սարգիսեաններ բախտաւորուած են մանչ զաւակով մը՝ Ղեւոնդ։ Երեւան ծնած Ղեւոնդը ընտանիքի երկրորդ զաւակն է, որն ունի քոյրիկ մը ՝ Սոֆի անունով։
Յիշեցնենք, որ ազգային-յեղափոխական երգերու մեկնաբան Մհեր Սարգիսեան վերջին տարիներուն հաստատուած է Հայաստան եւ կը զբաղուի շինարարութեամբ։
Բախտաւոր, առողջ եւ երջանիկ օրեր կը մաղթենք փոքրիկն Ղեւոնդին։