image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանցի յայտնի լրագրող ժորժ Սալիպի՝ դէպի «Ոսկեայ վանդակ»

Լիբանանցի  յայտնի  լրագրող ժորժ  Սալիպի՝ դէպի «Ոսկեայ  վանդակ»

Լիբանանցի յայտնի լրագրող, հաղորդավար Ժորժ Սալիպի կը պատրաստուի վաղը՝ 26 մայիսին, մուտք գործել  «Ոսկեայ վանդակ» իր  ընտրեալին հետ, որ  կը կոչուի Էլիզ: Այս մասին կը հաղորդէ «lebanondebate» կայքը:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ պսակադրութաեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Աթէնքի Սուրբ Կոնսթանթին եւ Հելեն (St. Constantine And Helen) եկեղեցւոյ մէջ, այնուհետեւ, հարսանեկան խրախճանքը պիտի կայանայ «Royal Olympic - Panorama Hall» - ի մէջ։
Իսկ այսօր՝ շաբաթ գիշեր, զոյգը յատկացուցած է զուտ «յունական» երեկոյ  մը նշելու՝ ընկերներու եւ ընտանիքի անդամներու հետ՝ նախքան «մեծ հարսանիք»ը:
Նշենք, որ Սալիպի լիբանանեան «Ալ Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի հաղորդավար է, որ երկար տարիներէ ի վեր կը վարէ «Ուսպուհ ֆի սահաթ» ամէնաշաբաթեայ  քաղաքական «թոլք շոու» յայտագիրը: