image
Հրատապ լուրեր:

Նախագահ Փութին պարգեւատրած է Ռուսաստանցի երեք յայտնի հայեր

Նախագահ Փութին պարգեւատրած է Ռուսաստանցի երեք յայտնի հայեր

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փուտին Քրեմլի մէջ պետական պարգեւներ յանձնածէ: Այս մասին կը յայտնէ «Ռուսարմինֆոն», նշեով, որ պարգեւներ ստացած են նաեւ Ռուսաստանի մէջ բնակող երեք ճանչցուած հայեր:

ՌԴ ֆութպոլի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Նիկիտա Սիմոնեանին շնորհուած է Ռուսաստանի Դաշնութեան ֆիզիքական կրթութեան վաստակաւոր գործիչի պատուաւոր կոչում: RT հեռուստաընկերութեան գլխաւոր խմբագիր Մարգարիտա Սիմոնեան պարգեւատրուած է «Ալեքսանտր Նեւսկի» շքանշանով, իսկ Ռուսաստանի Առողջապահութեան եւ ընկերային զարգացման նախարարութեան գլխաւոր մանկաբարձ-կնոջաբան, Ռուսաստանի բժշկական գիտութիւններու ակատեմիայի ակատեմիկոս Լէյլա Ադամեան ստացած է «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններ»-ու 2-րդ աստիճանի  շքանշան: