image
Հրատապ լուրեր:

Պոլիս. Կը պահանջեն Հայոց Ցեղասպանութեան մասին գրառում կատարած գործիչին բանտարկութիւնը

Պոլիս. Կը պահանջեն Հայոց Ցեղասպանութեան մասին գրառում կատարած գործիչին բանտարկութիւնը

Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր, քեմալական Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան Պոլսոյ նահանգային վարչութեան նախագահ Ճանան Քաֆթանճըօղլուի շուրջ հետաքննութիւնը սկսած էր 1,5 տարի առաջ: Ան կը մեղադրուէր «հրապարակաւ ատելութեան եւ թշնամանքի հրահրման», «ահաբեկչական կազմակերպութեան քարոզը կատարելու», «նախագահին վիրաւորելու», «հասարակական աշխատողին վարած պաշտօնին համար վիրաւորելու», «Թուրքիոյ հանրապետութիւնը հրապարակաւ նուաստացնելու» յանցանքով:

Պոլսոյ հանրապետական ընդհանուր դատախազութեան ահաբեկչութեան եւ կազմակերպուած յանցագործութիւններու դէմ պայքարի գրասենեակին կողմէ 15 յունուար 2018-ին սկսած հետաքննութեան իբրեւ արդիւնք պատրաստուած մեղադրական եզրակացութեան մէջ կը պահանջուէր 2 տարի 9 ամիսէն մինչեւ 11 տարի բանտարկութիւն: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Սապահ» օրաթերթի կայքը:

 Առաջադրուած մեղադրանքներուն համար հիմք ծառայած է 2012-2017 թուականներուն Քաֆթանճըօղլուի` ընկերային ցանցերուն վրայ կատարած հրապարակումները, որոնց մէջ ան կը քննադատէր Էրտողանը եւ Թուրքիոյ վարած ներքին քաղաքականութիւնը:

Քաֆթանճըօղլուի գրառումներուն մէջ տեղ գտած էին նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ ակնարկութիւններ: Մասնաւորաբար` մեղադրականին մէջ տեղ գտած էր հետեւեալ գրառումը. «Պատմութեան մէջ այսօրուան պէս սկսաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Կը յիշենք սպաննուած մեր հայ քաղաքացիները: 1915-ին: Թաքսիմի մէջ»: Սակայն ցուցմունքներու ժամանակ Քաֆթանճըօղլու յայտարարած է, թէ Ցեղասպանութեան նիւթով հրապարակումը իրեն չի պատկանիր, նոյն ատեն ընդունած է, որ մեղադրանքներուն համար հիմք ծառայած միւս բոլոր հրապարակումներուն հեղինակը ինքն է:

Բացի ատկէ, Քաֆթանճըօղլու 2013-ին Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օրը` 24 ապրիլին, անգամ մը եւս գրառում կատարած էր «Թուիթըր»-ի վրայ. «Ապրիլի 23-ի յաջորդ օրը ի՞նչ օր էր: Անոնց համար, որոնք չեն ուզեր գիտնալ, յիշեցում. 1915 թուական»: