image

Սուրիոյ առաջին տիկին Ասմա Ալ Ասատ այցելած է Համա (Լուսանկարներ)

Սուրիոյ առաջին տիկին  Ասմա Ալ Ասատ այցելած է Համա (Լուսանկարներ)

Սուրիոյ առաջին տիկին Ասմա Ալ Ասատ այցելութիւն տուած է Համա նահանգ։  Այս մասին լուրը կը հաղորդէ  Սուրիոյ նախագահութեան  պաշտօնական էջը։  Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ  առաջին տիկինին  այցելութիւնը կ'իյնայ «Հայրենիքի  վիրաւոր»ը ծրագրի  շրջանակներուն մէջ,  եւ   ան  այս առթիւ  ալ  այցելած է  Համայի  բժշկական յատուկ կեդրոն մը, որուն գլխաւոր  առաքելութիւնն է  վիրաւորեալներուն արհեստական օրկաններ պատրաստելը։

Կը նշուի, որ այդ կեդրոնը  չորրորդն է Սուրիոյ մէջ, ուր կը բուժուին Սուրիոյ պատերազմին  մասնակցած  եւ ծանրօրէն վիրաւորուած  զինուորներ ու քաղաքացիներ։

Յիշեցնենք, որ «Հայրենիքի  վիրաւոր»ը  ծրագիրը մտայղացումն է Սուրիոյ առաջին տիկին Ասմա Ալ Ասատին։