Լիբանանահայ լեռնագնաց Աւետիս Գալբաքեանը 7-րդ հայն է, որ բարձրացած է աշխարհի ամենաբարձ լերան՝ Էվերեսթի գագաթը: Էվերեսթի լեռնագնացութեան վիճակագրական առցանց ընկերութիւնը արդէն հրապարակածէ Աւետիսի անունը, որպէս լերան բացարձակ բարձրութիւնը յաղթահարած մարզիկ:
Աւետիս Գալբաքեանը կ'աշխատի Լիբանանի «Կարմիր խաչ» ընկերութեան մէջ, մինչ Էվերեսթ բարձրանալը, բարձրացած է շատ լեռներ՝ քարոզելով առողջ ապրելակերպն ու դժուարութիւններու յաղթահարման կամքը: Լեռնագնացներու շրջանին յայտնի է «Լեռնային Գուրու» մականունով:
Էվերեսթը ծովի մակարդակէն (ոչ երկրագունդի կեդրոնէն) հաշուած բարձրութեամբ աշխարհի ամենաբարձր լեռն է՝ 8848 մ։ Կը հանդիսանայ Հիմալայան Լեռնաշղթայի մասը՝ Բարձր Ասիոյ մէջ, տեղակայուած է Նեփալի եւ Թիպէթի միջեւ։
Արխիւային լուսանկարներ