image

«Բոլորիցդ շնորհակալ եմ, մենք լաւ ենք, ամէն ինչ լաւ է». Իտալիոյ մէջ վթարէն տուժած հայուհի

«Բոլորիցդ շնորհակալ եմ,  մենք լաւ ենք, ամէն ինչ լաւ է». Իտալիոյ մէջ վթարէն տուժած հայուհի

Իտալիոյ մէջ հանրակառքի վթարէն տուժած ՀՀ քաղաքացիներէն Նինա Մեհրապեանը տեղեկացուցած է, որ ամէն ինչ լաւ է եւ շնորհակալութիւն յայտնած է իր առողջութեամբ հետաքրքրուողներուն: 

«Ժողովուրդ ջան, բոլորիցդ շնորհակալ եմ: Մենք լաւ ենք, ամէն ինչ լաւ է: Երեւանում կապ կը հաստատենք»,-գրած է Նինա Մեհրապեանը՝ իր ֆէսյպուքեան էջին: Մեր տեղեկութիւններով՝ Նինան հայրենադարձ հայուհի է. հինգ տարի է, Պելառուսիայէն վերադառնալով, կը բնակի եւ կ'աշխատի Հայաստանի մէջ: 


 

Նինա Մեհրապեանը՝ Իտալիոյ մէջ, վթարէն առաջ: 

Աղբիւր՝ Ֆէյսպուք