image

Իտալիոյ մէջ վթարի հետեւանքով վիրաւորուածներու մէջ նաեւ ՀՀ քաղաքացիներ կան

Իտալիոյ մէջ վթարի հետեւանքով վիրաւորուածներու մէջ նաեւ ՀՀ քաղաքացիներ կան

Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպանատունը կը տեղեկացնէ, որ այսօր առաւօտեան Իտալիոյ Սիէնա-Ֆլորենսիա մայրուղիին վրայ զբօսաշրջային կառքը վթարի հետեւանքով վիրաւորներու շարքին կան նաեւ Հայաստանի քաղաքացիներ։ 


Դեսպանութիւնը անմիջական կապի մէջ է Սիէնայի պատկան  մարմիններու հետ՝ ՀՀ քաղաքացիներու վերաբերեալ պարբերաբար տեղեկատւութիւն ստանալու նպատակով։

Վթարի հետեւանքով կայ մէկ զոհ: Տեղեկութիւնները կը թարմացուին: