image

Երեւանի մեթրոյին մէջ այսօր կը հնչեն Շարլ Ազնաւուրի երգերը

Երեւանի մեթրոյին մէջ այսօր կը հնչեն Շարլ Ազնաւուրի երգերը

Աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան օրը Երեւանի Մեթրոյի բոլոր կայարաններուն մէջ պիտի հնչեն Ազնաւուրի երգերը:

Այս մասին յայտնած է «Կարէն Տէմիրճեանի անուան Երեւանի Մեթրոփոլիթէն»ի մամուլի խօսնակ Տաթեւ Խաչատրեանը:

«Այսօր 07:00-23:00-ն Երեւանի մեթրոյի բոլոր կայարաններուն մէջ պիտի հնչեն Ազնաւուրի երգերը»,- նշած է ան:

Մայիս 22-ին կը լրանայ Շարլ Ազնաւուրի 95-ամեակը: