image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպի մէջ նորօք հանգուցեալ Ժորժէթ Պետիրեանի հոգեհանգստեան կարգը՝ Կիրակի օր

Հալէպի մէջ նորօք հանգուցեալ Ժորժէթ Պետիրեանի  հոգեհանգստեան կարգը՝ Կիրակի օր

Հալէպի  մէջ նորօք  հանգուցեալ Ժորժէթ Պետիրեանի մահուան քառասունքի առթիւ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ հանգուցեալի պարագաներէն:

Հոգեհանգիստը տեղի պիտի ունենայ կիրակի 26 մայիսին, յաւարտ սուրբ պատարագի, ժամը 10:00-ին, Հալէպի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:

Յիշեցնեք, որ հանգուցեալը երկար տարիներ անդամակցած է Սուրիոյ օգնութեան միութեան եւ մեծ նուիրումով մասնկացած է Ս.Օ.Խ.ի աշխատանքներուն։ Ամուսնացած էր Լեւոն Պէտիրեանին հետ ու կազմած հայկական օճախ, ունենալով չորս զաւակներ՝ Յարութիւն, Յակոբ, Յասմիկ եւ Էլօ։

Ազգային բարձր  արժէքներու եւ  գիտակցութեան տէր  Տիկին Ժորժէթին համար ծանր եղան վերջին տարիները,  երբ յատկապէս Հալէպը հարուածած պատերազմին հետեւանքով հեռու  մնաց իր որդիներէն եւ շատ սիրելի թոռներէն։