image

«Ո՛չ Թուրքիոյ մէջ ներդրումներուն» Ռիատ-Անգարա յարաբերութիւնները դարձեալ պղտորած են

«Ո՛չ Թուրքիոյ մէջ ներդրումներուն» Ռիատ-Անգարա յարաբերութիւնները դարձեալ պղտորած են

Սէուտական Արաբիան կոչ կ'ընէ Թուրքիոյ մէջ ներդրումներ չկատարելու մասին: Ռիատի Առեւտրաարդիւնաբերական պալատի (RCCI) ղեկավար Աճլան Ալ-Աճլանը սէուտցի ներդրողները զգուշացուցած է խուսափիլ Թուրքիոյ մէջ ներդրումներ կատարելէ՝ տնտեսական իրավիճակի վատթարացման եւ բարձր ռիսքերու պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ  Saudi Gazette-ը: 

«Ռիատի Առեւտրաարդիւնաբերական պալատը բողոքներ ստացած է Թուրքիոյ մէջ սէուտցի ներդրողներէ, որոնք բախուած են իրենց ներդրումներուն սպառնացող խնդիրներու»,- ըսած է ան՝ այն բացատրելով թրքական իշխանութիւններու անփութութեամբ ներդրողներու պաշտպանութեան իրենց պարտաւորութիւնները կատարելու մէջ:

Անոր խօսքով՝ Թուրքիոյ մէջ սէուտցի ներդրողներուն զգալի վնասներ կը սպառնան Թուրքիոյ ազդեցիկ անձանց կողմէ հետապնդումներու եւ շորթումներու դէպքերէն ետք: «Ռիատի պալատը կը զգուշացնէ խուսափիլ Թուրքիոյ մէջ ներդրումներ կատարելէ՝ ներդրումային ռիսքերու եւ այդ երկրին մէջ անվտանգութեան հետ կապուած անկայուն ընթացիկ իրադրութեան պատճառով»,- ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ սէուտցի զբօսաշրջիկները կը բախուին հետապնդումներու եւ խարդախութեան աճող դէպքերու: