image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիոյ մէջ ձերբակալութիւնները կը շարունակուին. Այս անգամ թիրախը երկրի ԱԳՆ-ն է

Թուրքիոյ մէջ  ձերբակալութիւնները կը շարունակուին. Այս անգամ թիրախը երկրի ԱԳՆ-ն  է

Թուրքիոյ իշխանութիւնները պիտի կալանաւորեն Արտաքին գործոց նախարարութեան 249 աշխատակիցներ՝ իսլամի քարոզիչ Ֆէթհուլլա Կիւլէնի շարժման հետ կապերու կասկածանքով, որուն Ագարան կը մեղադրէ 2016 թուականի յուլիսի պետական յեղաշրջման փորձի մէջ, կը յայտնէ թրքական NTV-ն:

Անգարայի գլխաւոր դատախազութիւնը յայտարարած է, որ հրամայած է կալանաւորել ԱԳ նախարարութեան 249 աշխատակիցներ, երբ քննութեամբ պարզուած է, որ անոնք խախտումներ կատարած են նախարարութեան անցած ընդունելութեան քննութիւններու ժամանակ: Ներկայ պահին կալանաւորուած է 78 մարդ, մնացեալը հետախուզման մէջ են:

Նշենք, որ աւելի քան 77 հազար մարդ բանտարկուած է՝ սպասելով դատավարութեան, մօտ 150 հազար պետական ծառայողներ, զինծառայողներ եւ այլք յեղաշրջումէն ետք զտումներու ծիրէն ներս ազատուած են կամ աշխատանքէն հեռացուած:

Իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները եւ Թուրքիոյ արեւմտեան դաշնակիցները մտահոգութիւն յայտնած են բռնաճնշումներու մասին՝ յայտարարելով, որ նախագահ Էրտողանը չյաջողուած խռովութիւնը որպէս առիթ կ'օգտագործէ այլախոհութիւնը ճնշելու համար: