image

Կարօ Փայլան հանդիպած է 13-ամեայ Արթուր Ենգիպարեանին

Կարօ Փայլան հանդիպած է 13-ամեայ Արթուր Ենգիպարեանին

Թուրքիոյ մէճլիսի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը հանդիպած է 13-ամեայ Արթուրին, որուն փորձած էին կրօնափոխ ընել: Պատգամաւորը գրած է, որ Արթուրը լաւ է:«Միշտ իր քով պիտի ըլլամ։

Զինք հնարաւորինս պիտի պաշտպանեմ չարութեանց դէմ»,-գրած է ան:

 

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ Մարդու իրաւունքներու կազմակերպութիւնը դատական հայց ներկայացուցած է 11 մայիսին ATV հեռուստաընկերութեամբ հեռարձակուող հաղորդման ժամանակ Արթուր անունով հայ պատանիին «կրօնափոխ ըրած» իսլամի քարոզիչ, հաղորդավար Նիհաթ Հաթիփօղլուի դէմ։ 


Կազիանթէպի Իսլամագիտութեան եւ արհեստագիտութեան համալսարանի տնօրէն, աստուածաբան Նիհաթ Հաթիփօղլուն իր հեղինակային հաղորդման ժամանակ Պոլսոյ Սուլթանհամեթ հրապարակէն ուղիղ եթերի ժամանակ յայտարարած էր, որ 13 տարեկան հայ տղան կ'ուզէ փոխել կրօնն ու իսլամ ընդունիլ։