Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը յայտարարած է Ռուսաստանի հետ Ս-500 զէնիթահրթիռային համալիրներ համատեղ արտադրելու ծրագրերու մասին NTV- եթերին:
Անոր խօսքով՝ Մոսկուայէն Ս-400 համակարգերու ձեռքբերումէն ետք «խօսքը կը վերաբերի նաեւ Ս-500-ին, անոր համատեղ արտադրութեան»: Ան ընդգծած է, որ Ս-400-ի շուրջ գործարքը աւարտած է: Անոնց մատակարարումը, համաձայն պայմանագրի, պիտի սկսի 2019 թուականի յուլիսին կամ աւելի շուտ: Էրտողանը նշած է, որ Ռուսաստանը առաջարկած է Թուրքիոյ «շատ շահաւէտ պայմաններ»: