image

Եպիսկոպոսական ուխտի պատարագ Սուրբ Գայեանէ վանքին մԷջ

Եպիսկոպոսական ուխտի պատարագ Սուրբ Գայեանէ վանքին մԷջ

Մայիս 14-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Սուրբ Գայեանէ վանքին մէջ իր եպիսկոպոսական ուխտի Պատարագը մատուցեց Կեդրոնական Եւրոպայի եւ Շուէտի Հայրապետական պատուիրակ Գերաշնորհ Տ. Տիրան եպիսկոպոս Պետրոսեան, որ եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան ու օծման արժանացած էր մայիս 12-ին: Այս մասին կը հաղորդեն Մայր Աթոռի Տեղեկատուական համակարգէն:

Պատարագին ներկայ էին Մայր Աթոռի Սուրբ Էջմիածինի միաբաններ,  եկեղեցական եւ աշխարհական ներկայացուցիչներ Կեդրոնական Եւրոպայի եւ Շուէտի Հայրապետական պատուիրակութենէն, Աւստրիոյ Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ եպիսկոպոս Էմմանուէլ Այտինը, Վիեննայի համալսարանի կաթոլիկ աստուածաբանութեան բաժանմունքի ծիսագիտութեան եւ խորհուրդներու աստուածաբանութեան ամպիոնի վարիչ դոկտոր Հանս Իւրգեն Ֆոյլները եւ ուխտաւոր հայորդիներ:

Սրբազան արարողութեան ընթացքին իր քարոզին մէջ Տիրան Սրբազանը խօսեցաւ եպիսկոպոսական բարձր եւ չափազանց պատասխանատու աստիճանի մասին` նշելով, որ այն արժանապատուօրէն պիտի կրէ աստուածային եւ երկնային շնորհի հանդէպ հնազանդութեան ու Տիրոջ առաքելութեան համագործակից դառնալու գիտակցութեամբ:

«Աստուծոյ կանչին անվերապահ հնազանդութիւնն ու վստահութիւնն է, որ մեզ բոլորիս` քրիստոնեաներուս, կ՛օգնէ աճելու Աւետարաններին մէջ նկարագրուած թթխմորի եւ սերմի օրինակներով եւ ներքին վերափոխութիւն ապրելու: Աւետարանը նաեւ շատ յստակ կ՛ըսէ, որ եթէ մենք մեզի կը դնենք Աստուծոյ ծառայութեան մէջ, ան մեր մէջ հրաշքներ կը գործէ:

…Արդարեւ, մենք եւս պատրաստ ենք մեր անձը դնելու Տիրոջ ծառայութեան գործին` անսալով Անոր խօսքին եւ վստահելով Անոր: Աստուած ալ  մեր մէջ կրնայ հրաշքներ գործել: Միանշանակ է, երբ առանց տարակուսելու կը վստահինք մեր Աստուծոյ, Ան մեր հոգիին  մէջ նոր հորիզոններ կը բանայ` գործակիցը դառնալու իր սուրբ առաքելութեան»,- ընդգծեց Սրբազան Հայրը` հաստատելով, որ ամէն օր, ամէն վայրկեան Աստուած կը կանչէ բոլորին, բայց ոչ թէ ստանալու, ինչ-որ բան վերցնելու, այլ տալու համար ու կու տայ առատօրէն եւ լաւագոյնը:

Իր խօսքին մէջ Տիրան եպիսկոպոսն անդրադարձաւ նաեւ Սուրբ Էջմիածինի խորհուրդին ու առաքելութեան` մասնաւորապէս շեշտելով. «Շատ յաճախ կ՛ըսեն, որ Էջմիածինն ունի առաքելութիւն. ստիպուած եմ քիչ մը խմբագրել եւ ըսել` Էջմիածինը չունի առաքելութիւն, Էջմիածինն ինքն առաքելութիւն է: Սուրբ էջմիածինը մեր ազգի խարիսխն է, մեր ինքնութեան կորիզը: Բայց հարց կու տան մեզի` ինչու՞ է այդպէս: Մենք աշխարհով մէկ ունինք հարիւրաւոր եւ հազարաւոր հրաշալի կոթողներ` տաճարներ, եկեղեցիներ, ուր կը բնակի Աստուած, ուր մենք կ՛երթանք Իր հետ հանդիպման: Բայց Սուրբ Էջմիածինն ուրիշ նշանակութիւն ունի: Ինչու՞ է այդպէս. որովհետեւ Տէրն երկու անգամ իջաւ աշխարհ` մէկը` Երուսաղէմ, իսկ միւսը` Էջմիածին, որովհետեւ այս վայրն է, այս սրբութիւնն է, որ ընտրեց Աստուծոյ Որդին իբրեւ հանդիպման վայր իր ընտրեալ ժողովուրդին` հայերուս հետ: Ատոր շնորհիւ է, որ մեզի համար մեծ սրբութիւն է Էջմիածինի խորհուրդը»:

Աւարտին պատարագիչ Սրբազանն իր որդիական խոնարհումը բերաւ Ամենայն Հայոց Հայրապետին իրեն եպիկոպոսական շնորհին արժանացնելու համար` մաղթելով Հայոց Հօրը երկար տարիներու արեւշատ եւ եկեղեցաշէն գահակալութիւն: Տիրան եպիսկոպոսը նաեւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Մայր Աթոռի միաբանութեան, լուսարարապետութեան եւ հոգեւոր կրթական հաստատութիւններուն` իր հոգեւոր նկարագիրի կերտման գործին մէջ մեծ ներդրում ունենալու համար:

Ս. Պատարագի աւարտին ուխտաւորները վերստին շնորհաւորեցին Սրբազան Հայրը եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան եւ օծման առիթով: