image

Հայ սակրաւորները կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը Հալէպի մերձ

Հայ սակրաւորները  կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը Հալէպի մերձ

Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան մէջ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող հայ մասնագէտներու խումբի սակրաւորները 19 փետրուարէն մինչեւ 10 մայիս հետազօտութեան եւ մաքրման աշխատանքներու ժամանակ 25 հազար 860 քմ տարածք ականազերծած են:

Ինչպէս յայտնած է «Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոն»-ի Հասարակայնութեան հետ կապերու պատասխանատու Նազելի Էլբակեանը, մարդասիրական առաքելութեան բժիշկները վիրաբուժական օգնութիւն ցուցաբերած են 241 հիւանդի, բուժօգնութիւն ցուցաբերած են 534 քաղաքացիի, տարրալուծական հետազօտութիւններու թիւը 959 է: Օրեր առաջ կայացած է հայ բժիշկներու եւ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի շրջանային վարչութեան անդամներու հանդիպումը: Հայկական խումբի մարդասիրական գործունէութիւնը կը շարունակուի: