image

Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած քայլարշաւ Անթիլիասի մէջ (Լուսանկար)

Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած քայլարշաւ Անթիլիասի մէջ (Լուսանկար)

Երկուշաբթի, 22 Ապրիլ 2019-ին, յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին, տեղի ունեցաւ վերջին տարիներուն աւանդութիւն դարձած Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած մասնաճիւղային քայլարշաւը` Մզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրէն դէպի Անթիլիասի մայրավանք: 

Քայլարշաւը առաջնորդեց մասնաճիւղին շեփորախումբը, անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին սկաուտական բոլոր խումբերը, մասնաճիւղի ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի դպրոցի մարզիկները, մասնաճիւղի վարչութեան եւ յանձնախումբերու անդամներ, մասնաճիւղի անդամներ, ծնողներ եւ բարեկամներ: Քայլարշաւին մասնակցեցան նաեւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչները, ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղի եւ «Աղբալեան» պատանեկան միութեան անդամներ:

 Քայլարշաւի մասնակիցները վանք հասնելով ունկնդրեցին ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդին խօսքը, զոր արտասանեց խորհուրդի ատենապետ Թալին Փափիրեան: Ան հաստատեց, որ աւանդութեան վերածուած այս քայլարշաւը յարգանքի տուրք է մեր մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներուն յիշատակին, ինչպէս նաեւ առիթ է խրոխտ ու խիտ շարքերով կանգնելու Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ գտնուող Եղեռնի զոհերու մատրան առջեւ եւ բարձրաձայն յայտարարելու, թէ մենք տէրն ենք մեր նախնեաց կտակին, նաեւ վկայելու, թէ հայ ժողովուրդը գոյատեւեց, պիտի շարունակէ գոյատեւել եւ բազմանալ: Թալին Փափիրեան տողանցքին մասնակիցներուն անունով ըսաւ, թէ իրենք կը վերանորոգեն իրենց ուխտը ծառայելու ազգին ու հայրենիքին, մնալու տիպար հայեր եւ պահպանելու հայոց լեզուն ու հայ մշակոյթը:

Ապա ծաղկեպսակներ զետեղուեցան Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան եւ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի սկաուտական խորհուրդին ու խմբապետական կազմին անունով, իսկ իւրաքանչիւր սկաուտ, մարզիկ եւ ծնողք մատուռին առջեւի բոցին շուրջ տեղաւորեց  իր ծաղիկը:

Անկէ ետք բոլորը մտան վանք, ուր տեղի ունեցաւ խոստովանանք, ապա` հաղորդութիւն:

 

 

Աղբիւրը՝ «Ազդակ»