Այսօր երեկոյեան ժամերուն փոքրիկ մը ինկած Հալէպի Ազիզիյէ շրջանէն անցնող «Ալ Քուիք» գետին մէջ։
Այդ պահուն շրջանին մէջ գտնուող պատանիները եւ յատկապէս Պասէլ Սապպաղ անունով պատանին կարողացած է գետ իջնելով փրկել փոքրիկ աղջնակը։ Աւելի ուշ դէպքի վայր հասած են փրկարարական ջոկատներ եւ աղջնակը փոխադրուած է հիւանդանոց։
Նշենք, որ այս առաջին դէպքը չէ, որ կը պատահի Հալէպի այդ գետին պարագային եւ դէպքերուն գլխաւոր պատասխանատուութիւնը կ՚իյնայ ծնողներու ուսերուն, որոնք յաճախ անտէր կը թողուն իրենց զաւակները։