image

Հալէպի մէջ արտակարգ դէպք. Փոքրիկ մը ինկած է «Ալ Քուիք» գետը

Հալէպի   մէջ արտակարգ դէպք. Փոքրիկ  մը ինկած է «Ալ Քուիք»  գետը

   Այսօր երեկոյեան  ժամերուն   փոքրիկ  մը   ինկած      Հալէպի   Ազիզիյէ շրջանէն  անցնող   «Ալ Քուիք»  գետին մէջ։

  Այդ  պահուն շրջանին մէջ գտնուող  պատանիները եւ յատկապէս   Պասէլ  Սապպաղ անունով պատանին     կարողացած է  գետ  իջնելով  փրկել  փոքրիկ աղջնակը։ Աւելի  ուշ  դէպքի վայր   հասած են փրկարարական ջոկատներ եւ    աղջնակը փոխադրուած է  հիւանդանոց։

 Նշենք, որ  այս  առաջին դէպքը չէ, որ կը պատահի  Հալէպի  այդ   գետին    պարագային   եւ դէպքերուն  գլխաւոր պատասխանատուութիւնը  կ՚իյնայ ծնողներու   ուսերուն, որոնք  յաճախ  անտէր կը թողուն  իրենց  զաւակները։