image

Հալէպ. Կիլիկեան ճեմարանի աշակերտները մասնակցեցան եկեղեցական արարողութեան

Հալէպ. Կիլիկեան ճեմարանի աշակերտները մասնակցեցան եկեղեցական արարողութեան

Սուրբ Զատկուան տօնին ընդառաջ Հալէպի Կիլիկեան ճեմարանի աշակերտութիւնը մասնակցեցան եկեղեցական արարողութեան։ Այս մասին տեղեկութիւնը  ներկայացուած է դիմատետրի վրայ, ուր մասնաւորապէս նշուած է, թէ երեքշաբթի 16 Ապրիլին, Կիլիկեան Ճեմարանի աշակերտութիւնը հաղորդութիւն ստացաւ Ս.Աստուածածին եկեղեցիին մէջ, որմէ ետք վերադարձան դպրոց, ուր տեղի ունեցան Ս.Յարութեան տօնի պատշաճ խաղեր եւ հիւրասիրութիւն: