image

Սէուտական Արաբիա կախաղան հանած է սուրիացի քաղաքացի մը. Պատճա՞ռը

Սէուտական Արաբիա կախաղան հանած է սուրիացի քաղաքացի մը. Պատճա՞ռը

Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւնները, երէկ, մահապատիժ կիրառած են երկու սէուտցի եւ մէկ սուրիացի քաղաքացիներու դէմ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Ալ-Ժատիտ» լրատուական կայանը:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ սէուտական մարմիններ այս առիթով յայտարարութիւն մը հրապարակած են, ուր կ'ըսուի, որ մահապատիժի արժանացած երեք քաղաքացիները կը զբաղուէին թմրեցուցիչի մաքսանենգութեամբ եւ անոնք երկար ժամանակէ ի վեր կը մնային կալանքի տակ:

Յիշեցնենք, որ մահապատիժի կիրառումը նորութիւն մը չէ Սէուտական Արաբիոյ մէջ եւ տարեկան կտրուածքով հարիւրաւոր մարդիկ կախաղան կը հանուին: