image

Մահացած է Լիբանանի «Ոսկեդար» գրախանութի սեփականատէր՝ դոկտ. Լեւոն Ճերմակեանը

Մահացած է Լիբանանի «Ոսկեդար» գրախանութի սեփականատէր՝ դոկտ. Լեւոն Ճերմակեանը

Պէյրութի մէջ մահացած է սփիւռքի մէջ հայ  տպագրութեան եւ գրականութեան նուիրեալներէն մէկը՝ «Ոսկեդար» գրախանութի եւ նոյնանուն հրատարակչատան սեփականատէր Լեւոն Ճերմակեանը:

Հայաբնակ Պուրճ Համուտի մէջ գտնուող անոր գրատունը Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն ետք հիմնուած առաջին հայկական գրատունն էր, որ հայ գրականութեան հետ միասին նաեւ օտարալեզու գրականութիւն կը տպագրէր ու կը տարածէր:

Ֆրանսական գրականութիւնը հիմնական ինքը՝ Լեւոն Ճերմակեանը կը թարգմանէր. ան կազմած է նաեւ  Ֆրանսերէն-հայերէն բառարաններ, երազահաններ, տարբեր հանրամատչելի ժողովածուներ, որոնք լիբանանահայ ընտանիքներուն համար սպասուած հրատարակութիւններ եղած են:

Շարունակաբար հրատարակած է նաեւ արեւմտահայ, սփիւռքահայ եւ խորհրդահայ գրականութիւն:  Լեւոն Ճերմակեանը զբաղած է նաեւ մանկավարժական գործունէութեամբ, աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցած է լիբանանահայ հասարակական, մշակութային կեանքին, եղած է Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան անդամ, իսկ մինչեւ իր մահը՝ Կեսարիոյ բարեսիրական ընկերակցութեան անդամ: 

Լեւոն Ճերմակեանը ֆրանսերէն լեզուի դոկտոր էր, հայ գրականութեան մեծ նուիրեալ: