image

Վերջին հրաժեշտ արմատներով Քեսապցի Ճօրճ Փէնթէզեանին

Վերջին   հրաժեշտ  արմատներով Քեսապցի   Ճօրճ Փէնթէզեանին

Օրերս հարազատներն ու  բարեկամները օրերս  վերջին հրաժեշտի   արարողութեամբ  մը  հողին յանձնած են     ճօրճ Փէնթէզեանի մարմինը։Այս  մասին    «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ  Քեսապի   իր աղբիւրէն։ Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ     նորօք   հանգուցեալ Ճօրճի      յուղարկաւորութեան  եւ թաշման  արարողութիւնը տեղի  ունեցած է   Քեսապի     Հայց.  Առաքելական  Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ  մէջ։  Արարողութեան ներկայ եղած  են   գիւղի երեք յարանուանութեան    պետերն ու ազգային մարմիններու  ներկայացուցիչները։   Արարողութենէն ետք   հանգուցեալին մարմինը ամփոփուած է Քեսապի  Ազգային Գերեզմանատան  մէջ։

 Յիշեցնենք, որ Ճօրճ Բենթեզեանը    Քաթարի մէջ   ենթարկուած էր  ինքնաշաժի    ինքնաշարժի  ծանր արկածի, որմէ  ետք ալ որոշ ժամանակ մը հիւանդանոցի  մէջ մնալէ ետք աւանդած  էր իր հոգին։՝

1984-ի ծնունդ,  հայ երիտասարդը  ծնած էր Քեսապ եւ  աշխատանքի բերումով հաստատուած էր Քաթար։ 

Ինչպէս կը վկայեն անոր մտերիմները,  Ճորճ բոլորի կողմէ սիրուած երիտասարդ էր եւ օգնութեան կը փութար բոլոր անոնց, որոնք օգնութեան կարիքը ունէին։