Փարիզի Աստուածամօր տաճարին մէջ 22 Ապրիլին նախատեսուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած պատարագ մատուցել: Այս մասին կը տեղեկանանք Արման Աւագեանի ֆէյսպուքեան էջէն:
Յիշեցնենք, որ Ապրիլ 24-ը Ֆրանսայի մէջ կը նշուի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր: Այս մասին որոշումը 10 Ապրիլին ստորագրած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն: