image

Ռուսաստանի եկեղեցին նոյնպէս կը զօրակցի Ֆրանսային

Ռուսաստանի եկեղեցին նոյնպէս կը զօրակցի Ֆրանսային

Ռուս ուղղափառ եկեղեցին յայտարարութիւն մը կատարած է Ֆրանսայի մէջ երէկ տեղի ունեցած հրդեհին վերաբերեալ: Այդ մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Ալ-Նաշրա» կայքը:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Ռուսաց ուղղափառ եկեղեցւոյ արտաքին յարաբերութիւններու եւ քրիստոնեայ եկեղեցիներու հետ կապի գլխաւոր պատասխանատու Ստեփան Էժոմնով յայտարարութիւն մը տարածած  է, որուն մէջ կը յայտնէ, թէ «այս ցաւը միայն Ֆրանսայի ցաւը չէ, այլ եղածը ողբերգութիւն է ամբողջ քրիստոնեայ աշխարհին համար»:

Ռուսաց ուղղափառ եկեղեցին  նոյն առումով զօրակցութիւն յայտնած է Ֆրանսայի ժողովուրդին ու յոյս յայտնած, որ յառաջիկայ փուլին եկեղեցին դարձեալ կը վերականգնի եւ կ'ընդունի իր նախկին տեսքը: