image

Փարիզի Աստուածամօր տաճարի հրդեհը մարած է․ տաճարի վերականգնման համար դրամահաւաք սկսած է

Փարիզի Աստուածամօր տաճարի հրդեհը մարած է․ տաճարի վերականգնման համար դրամահաւաք սկսած է

Ժամեր տեւած հրդեհաշիջման աշխատանքներու շնորհիւ Փարիզի Աստուածամօր տաճարին մէջ բռնկած հրդեհը մարած է։ Հրդեհը լիովին ոչնչացուցածէ տաճարի տանիքը, սրածայր գագաթն ու ժամացոյցը։ Այս մասին կը յայտնէ Figaro-ն։

Հրշէջները կը շարունակեն զովացնել տաք շինութիւնները, որպէսզի հրդեհը չվերսկսի։ Հրդեհաշիջման աշխատանքներու ժամանակ մէկ հրշէջ տուժած է։ Հրդեհի ժամանակ յաջողած են տաճարէն դուրս բերել Փուշէ պսակը, որ խաչելութենէն կարճ ժամանակ առաջ եղած է Յիսուսի գլխուն։

16 Ապրիլին պիտի սկսի դրամահաւաք՝ տաճարի վերականգնման աշխատանքներուն համար։ Դրամահաւաքի մեկնարկի մասին յայտարարած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը՝ նշելով, որ Աստուածամօր տաճարը ֆրանսացիներու պատմութիւնն է, գրականութիւնը, հոգու մասնիկը։

Line Press ֆրանսական գործակալութիւնը իր թուիթըրեան էջին հրապարակած է տեսանիւթ այրող տաճարի ներսէն։