image

Մեծ հրդեհ Փարիզի Աստուածամօր տաճարին մէջ. Տեսանիւթ

Մեծ հրդեհ Փարիզի Աստուածամօր տաճարին մէջ. Տեսանիւթ

Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ կառուցուած Աստուածամօր տաճարին մէջ մեծ հրդեհ բռնկած է: Միջազգային լրատուամիջոցները ուղիղ եթերով կը ցուցադրեն Փարիզի գեղեցկուհին կլանած  հրդեհը: 

Հրդեհի  պատճառները յայտնի չեն, սակայն  կ'ենթադրուի, որ այն կրնայ կապուած ըլլալ 850 տարուան պատմութիւն ունեցող տաճարին մէջ կատարուող վերանորոգման աշխատանքներուն հետ: 

Տուժողներու մասին առայժմ տեղեկութիւններ չկան։