image

Հալէպ. Մահացած է Հրանդ Թիւթիւնճեանը, բոլորին կողմէ սիրուած «Ռատիօճի Հրանդ»ը

Հալէպ. Մահացած է Հրանդ Թիւթիւնճեանը, բոլորին կողմէ  սիրուած  «Ռատիօճի Հրանդ»ը
Այսօր՝ 14 ապրիլին, Հալէպի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Հրանդ  Թիւթիւնճեանը յայտնի  «Ռատիօճի Հրանդ»ը: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի հարազատներէն:
Հալէպ ծնած (1939թ.), ռատիօներ եւ ժապաւէններ նորոգող մասնագէտ, յայտնի վարպետ Հրանդ Թիւթիւնճեան 60 տարի անընդմէջ զբաղած է իր սիրելի մասնագիտութեամբ: Հալէպի հայահոծ Սիւլէմանիէ թաղամասին մէջ գործող իր աշխատանոցը դարձած էր յայտնի հասցէ՝  Հալէպի կեդրոնական շրջաններուն մէջ բնակող  հայերուն, ինչպէս նաեւ տեղացիներուն համար, որոնք մեծ վստահութիւն ունէին  վարպետ Հրանդին  հանդէպ։ Հանգուցեալի վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը պիտի կատարուի վաղը՝ 15 Ապրիլին, ժամը 2:00-ին, Հալէպի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Հալէպի Ազգային գերեզմանատուն: