image

Պէյրութ. Մահացած է Մայր Արմինէ Մակարոսեանը. Ան երկար տարիներ վարած էր Անարատ Յղութեան Քոյրերու Միաբանութեան Մեծաւորի պաշտօն

Պէյրութ.  Մահացած է   Մայր Արմինէ Մակարոսեանը. Ան  երկար տարիներ  վարած էր  Անարատ Յղութեան  Քոյրերու Միաբանութեան Մեծաւորի պաշտօն

Պէյրութէն  վերահասու կը    դառնանք,  որ  օրերս  իր մահկանացուն  կնքած է  Հայ Կաթողիկէ համայնքի Անարատ Յղութեան Քոյրերու Միաբանութեան  երէց  անդամներէն ` Մայր  Արմինէ Մակարոսեանը։Առաքինազարդ Մայրը  առաջին անգամ  իր  սրբարար վեղարը հանդիսաւորապէս կրած 1948 թուականին  եւ  մինչեւ      Միաբանութեան  մեծաւոր  դառնալը   վարած բազմաթիւ   է       պատասխանատու  պաշտօններ։

1993  թուականին   Մայր Արմինէ   դարձած է  Անարատ Յղութեան   քոյրերու միաբանութեան մեծաւորուհի եւ   այդ  պաշտօնը  ձեռնհասօրէն     վարած է  ամբողջ  տասը տարի։

 Մայր Արմենուհիի շիջումով  միաբանութիւնը  կը  կորսնցնէ    քրիստոնէական   արժէքներով  ապրած,  իր շրջապատին  մէջ     բարի   անուն կերտած եւ    բազմաշերտ   գործունէութեամբ  համայնքի  զաւակներու  պէտքերուն  հասած   առաքիզինազարդ  քոյր մը։ Նշենք, որ   վախճանեալ Մօր    վերջին հրաժեշտի  եւ թաղման  կարգը  կատարուած են  Զալքայի   Հայ Կաթողիկէ  Սուրբ Խաչ  եկեղեցւոյ մէջ, որմէ  ետք անոր մարմինը  փոխադրուած է Զմմառ եւ ամփոփուած   առաքինազարդ   քոյրերու   յատուկ  դամբարանին մէջ։