image

Մահացած է Հալէպահայ Հնչակեան գործիչ Արտօ Առաքելեանը

Մահացած է  Հալէպահայ  Հնչակեան  գործիչ Արտօ Առաքելեանը

 Այսօր Երեւանի  մէջ  իր մահկանացուն կնքած է   հալէպահայ    Հնչակեան գործիչ   Արտօ Առաքելեանը։ Այս մասին «Արեւելք»    տեղեկութիւն ստացաւ   հանգուցեալի մտերիմներէն։

 Հալէպ  ծնած   Առաքելեան    պատասխանատու    պաշտօններ  զբաղեցուցած է  Հալէպի ՀՄՄ-ի, ինչպէս նաեւ     ՍԴՀԿ-ի   Հալէպի շրջանի  պատասխանատու   մարմնէն  ներս։

   Հանգուցեալը   Սուրիոյ   պատերազմէն ետք հաստատուած էր Երեւան  ու տարբեր առիթներով  կը մեկնէր     իր  ծննդավայրը  Հալէպ։

 Իր       մեծ ու փոքր  ընտանիքին  կողմէ յարգուած  եւ սիրուած  անձնաւորութիւն էր     Արտօ  Առաքելեանը, որ մինչեւ  իր  կեանքի  վերջին պահը  հաւատարիմ մնաց իր   դաւանած   գաղաբարներուն ու ազգային մօտեցումներուն։

 

 Նշենք, որ հանգուցեալի     վերջին հրաժեշտի   արարողութիւնը պիտի կատարուի   Երեւանի   Մալաթիա շրջանի  Սուրբ  Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ։