image
Հրատապ լուրեր:

Պոլիս բոյն կազմած ընտանիքը բախտաւորուած է առջինեկ զաւակով

Պոլիս բոյն  կազմած  ընտանիքը  բախտաւորուած է  առջինեկ  զաւակով

Պոլսոյ  մէջ ընտանեկան   բոյն կազմած կիւմրեցի զոյգերը   բախտաւորուած են  առջինեկ  աղջիկ  զաւակով։ Յարութ եւ  Օֆէլիա   Գէորգեաններու օճախը  ուրախութեան  մէջ է՝ փոքրիկն  Անահիտի     լոյս աշխարհ  գալէն ետք։

Յիշեցնենք, որ փոքրիկի   հայրիկը՝ Յարութ, որ   թատերական    եւ արուեստի  ունակութիւններ ունեցող  նուիրեալ   անձնաւորութիւն է,    մշտական ներկայութիւն է  Պոլսոյ «Հրանդ Տինք»ի   անուան  վարժարանին   եւ  հայաստանացնիներու  համայնքային   միջավայրին մէջ։ 

«Արեւելք» ի  սրտէ      երջանկութիւն կը մաղթէ    հայկական  ընտանիքին, իսկ փոքրիկն Անահիտին՝  բախտաբեր   եւ առողջ  մանկութիւն ու կեանք։