image

Տխուր լուր Քաթարէն․ Ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով մահացած է Ճօրճ Բենթեզեանը

Տխուր լուր Քաթարէն․ Ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով մահացած է Ճօրճ Բենթեզեանը

Քաթարի մէջ  ինքնաշարժի  ծանր արկածի  հետեւանքով իր մահկանացուն կնքած է Ճօրճ Բենթեզեանը։ «Արեւելք» այս մասին տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի մտերիմներէն։ 

1984-ի ծնունդ,  հայ երիտասարդը  ծնած էր Քեսապ եւ  աշխատանքի բերումով հաստատուած էր Քաթար։ 

Ինչպէս կը վկայեն անոր մտերիմները,  Ճորճ բոլորի կողմէ սիրուած երիտասարդ էր եւ օգնութեան կը փութար բոլոր անոնց, որոնք օգնութեան կարիքը ունէին։