image
Հրատապ լուրեր:

Բօթ Պէյրութէն. Մահացած է Տիրամայր Լելա Պերճեքեան

Բօթ Պէյրութէն. Մահացած է Տիրամայր Լելա Պերճեքեան

Պէյրութի մէջ, սրտի տագնապի հետեւանքով, Լիբանանի գանատական հիւանդանոցին մէջ իր մահկանացուն կնքած է Տիրամայր Լելա Պերճեքեանը: 

Նշենք, որ Լելա Պերճեքեան (1935-2019) ծնած է Սուրիա, աստուածավախ ընտանիքէ: Ամուսնացած է Ղազարոս Պերճեքեանի հետ եւ փոխադրուած Պէյրութ, Լիբանան: Կեանքի մեծ մասը անցուցած է երեք զաւակներուն կրթութիւն տալու ճիգով: Պուրճ Համուտի հայութիւնը զինք ճանչցած է որպէս նուիրեալ մայր:

Ղազարոս Պերճեքեան իր մահկանացուն կնքած է 1978-ին, Լելային թողնելով երեք երեխաներու հոգն ու ապրուստի մտահոգութիւնը:

Տիրամայրը կեանքի վերջին երեք տարիները անցուցած է անկողնին, իր զաւկին հոգածութեան տակ: