image

Տխուր լուր Պէյրութէն. Մահացած է լիբանանահայ երիտասարդ Վարդան Քիւփէլեանը

Տխուր լուր Պէյրութէն. Մահացած է   լիբանանահայ երիտասարդ Վարդան Քիւփէլեանը

  Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է  լիբանանահայ  երիտասարդ  Վարդան Գնդունի Քիւփէլեանը։ 

 «Արեւելք»  այս մասին տեղեկութիւն ստացաւ  հանգուցեալի  հարազատներէն։

     Իր շրջանակին  մէջ  սիրուած  եւ յարգուած   անձնաւոդրութիւն  էր Վարդանը, որ աւարտած էր ՀԲԸՄ-ի  Յովակիմեան-Մանուկեան    երկրդ. Վարժարանը  եւ ապա  մասնագիտական կրթութիւն ստացած Պէյրութի  AUST  համալսարանէն  ներս։

 

   Մեր ունեցած տուեալներով Վարդան մահացած է  սրտի  կաթուածի հետեւանքով եւ անոր յուղարկաւորութեան եւ թաղման կարգը պիտի կատարուին այսօր՝ հինգշաբթի  21 մարտին Պուրճ Համուտի հայահոծ շրջանի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։

 

 Այս տխուր առթիւ «Արեւելք» իր խոդրազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի հարազատներուն եւ մանաւանդ հօր՝ լիբանանահայ թատրոնի նուիրեալ գործիչ՝ Յարութ Գնդունիին։