image
Հրատապ լուրեր:

Հիւսիսային պողոտային նոր անո՞ւն

Հիւսիսային պողոտային նոր անո՞ւն

Երեւանի Հիւսիսային պողոտայի միջանկեալ հատուածին մէջ գտնուող հրապարակն այսուհետ պիտի անուանակոչուի Եւրոպայի հրապարակ: Որոշումը 19 մարտին, ընդունուած է Երեւանի աւագանիի նիստին:

ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնն ու Եւրոպայի խորհուրդին մէջ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ, դեսպան Պարոյր Յովհաննիսեան առաջարկութիւն  ներկայացուցած էին քաղաքապետարան` Երեւանի փոքր կեդրոնին մէջ Եւրոպայի խորհուրդի կամ Եւրոպայի հրապարակ անուանակոչելու վերաբերեալ:

Նիստի օրակարգին ընդգրկուած նախագիծին մէջ կը նշուի. «2019 թուականին կը նշուի  Եւրոպայի խորհուրդի (ԵԽ) հիմնադրման 70-ամեակը: Այս յոբելեանը տեսանելի եւ յիշարժան դարձնելու համար ԵԽ քարտուղարութիւնն առաջարկներու ծրագիր  մշակած է` կառոյցը տեղակայած Սթրասպուրկ քաղաքին եւ ԵԽ անդամ երկիրներուն մէջ համապատասխան ձեռնարկներ կազմակերպելու համար: Այդ նպատակով ԵԽ նախարարներու կոմիտէի 2018թ. յունիս 20-ի նիստին մասնաւորապէս առաջարկուած է անդամ պետութիւններուն մէջ կազմակերպութեան 70-ամեայ յոբելեանի կապակցութեամբ Եւրոպայի խորհուրդի անունով անուանակոչել որեւէ փողոց, հրապարակ, այգի կամ պուրակ: Հաշուի առնելով` ԵԽ-ի հետ Հայաստանի արդիւնաւէտ եւ օրինակելի համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ մեր երկրի աշխոյժ ներգրաւուածութիւնը կազմակերպութեան դերի եւ կշիռի բարձրացման գործին մէջ, Հայաստանի կողմէ այս առաջարկը կեանքի կոչելը ԵԽ-ին եւ ատոր արժէքներուն մեր երկրի հաւատարմութեան վերահաստատման կարեւոր վկայութիւն կը հանդիսանայ»:

Սոյն թուականի մարտ 26-28 տեղի պիտի ունենայ Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) նախագահի այցը Հայաստան, որուն ծիրէն ներս կը նախատեսուի իրականացնել հրապարակի բացման արարողութիւնը:

Հիւսիսային պողոտայի հրապարակը Եւրոպայի հրապարակ անուանակոչելու որոշումը աւագանին ընդունեց 42 կողմ, 0 դէմ, 2 ձեռնպահ ձայներով: