image
Հրատապ լուրեր:

Ղազախստանի նախագահ Նազարպաեւ հրաժարական տուաւ

Ղազախստանի նախագահ Նազարպաեւ հրաժարական տուաւ

Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպաեւը վար դրած է երկրի ղեկավարի լիազօրութիւնները: Այդ մասին, ինչպէս կը յայտնէ meduza.io-ն, ան ըսած  է 19 մարտին ժողովուրդին ուղղուած յատուկ ուղերձին մէջ: 


«Ես որոշում ընդունած եմ դադրեցնել որպէս նախագահ իմ լիազօրութիւնները»,- ըսած է ան իր տեսաուղերձին մէջ:


Նազարպաեւը ժողովուրդին ուղղուած ուղերձին մէջ յայտնած է, որ տուեալ որոշումը հեշտ չէ եղած:


«Ես բարդ որոշում կայացուցած են: Ինծի ընձեռուած էր անկախ երկրի առաջին նախագահը ըլլալու մեծագոյն պատիւը: Մենք ձեզ հետ կրցանք ԽՍՀՄ փլատակներու վրայ յաջողակ պետութիւն կառուցել. մենք մեր դրօշն ու զինանշանը ունինք»,-ըսած է ան, աւելցնելով, որ նախագահի լիազօրութիւնները փոխանցուած են երկրի խորհրդարանի վերին պալատի նախագահ Քասիմ Ժոմարտ Թոքաեւին:


Նազարպաեւը նախագահած է 1990-ի 24 ապրիլէն: Վերջին անգամ ան երկրի ղեկավարի պաշտօնին վերընտրուած էր 2015-ի ապրիլին, երբ կայացած էին արտահերթ նախագահական ընտրութիւններ: Սա Նազարպաեւի պաշտօնավարման 5-րդ ժամկէտն է: