image

Ուաշինկթընի մէջ Ֆրանքոֆոնիայի փառատօնը բացուած է Շարլ Ազնաւուրի յիշատակի երեկոյով (Տեսանիւթ)

Ուաշինկթընի մէջ Ֆրանքոֆոնիայի փառատօնը բացուած է Շարլ Ազնաւուրի յիշատակի երեկոյով (Տեսանիւթ)

Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքին մէջ Ֆրանսախօս երկիրներու այս տարուան փառատօնը բացուած է Ուաշինկթընի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան մէջ՝ Շարլ Ազնաւուրին նուիրուած երեկոյով, կը յայտնէ «Ամերիկայի ձայն»

«Ազնաւուր իրօք եզակի էր. անոր կերպարը իր մէջ կրցաւ մարմնաւորել Ֆրանսախօս երկիրներու էութիւնը` իր խորութեամբ եւ միաժամանակ բազմազանութեամբ», իր ելոյթին մէջ նշած է Ֆրանսախօս երկիրներու փառատօնին այժմ նախագահող Հայաստանի դեսպան Վարուժան Ներսէսեանը:

«Անոր ժառանգութիւնը պիտի շարունակէ ապրել միլիոնաւոր մարդոց սրտերուն մէջ, մարդոց, որոնց ոգեւորած է թէ՛ անոր արուեստը եւ թէ՛ անոր կեանքը»,-ըսած է ան:

Սպիտակի երկրաշարժէն ետք Հայաստանին հսկայական օգնութեան համար Հայաստանի ազգային հերոսի կոչումը կրող Ազնաւուրը նաեւ յատուկ մեդալի արժանացած էր Իսրայէլի նախագահէն` Երկրորդ աշխարհամարտի տարիներուն հրէաներ փրկելու համար:

«Թէեւ Ազնաւուրը մեզ հետ չէ, սակայն անոր արուեստն անմահ է` ժամանակը ատոր դէմ անզօր է: Անոր երգերը կարծես ոչ թէ անոր կողմէ մեզի մատուցուած ըլլան այլ` մեր սեփական հոգիին մէջ ծնած», – ըսած է երգչուհի Եուլիա Քանթոր:

Ֆրանսախօս երկիրներու փառատօնը Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքի հիմնական մշակութային փառատօններէն մէկն է: Այդ ծիրէն ներս Ուաշինկթընի հիմնական թանգարաններուն մէջ կը կազմակերպուին յատուկ ցուցահանդէսներ,տեղի կ՛ունենան ներկայացումներ եւ յատուկ ֆիլմ փառատօններ:

Ազնաւուրի երգերը կատարող երգիչ Մաքս Քոհեն նշած է, որ անձամբ կը ճանչնար մաեսթրոն. «Ես ծնած էի Մարոք եւ մեծցած Ազնաւուրի երգերով: Ան ինծի համար ողջ տիեզերք էր եւ ես հպարտ եմ, որ կը կատարեմ անոր երգերը: Յոյս ունիմ, միայն, որ սխալ չեմ կատարեր»: