image
Հրատապ լուրեր:

Պոլսոյ մէջ վերջին հրաժեշտ տուած են Պոլսոյ Հայոց պատրիարքին

Պոլսոյ մէջ վերջին հրաժեշտ տուած են Պոլսոյ Հայոց պատրիարքին

Պոլսոյ Սուրբ Մարիամ Աստուածածին մայր եկեղեցւոյ հայ համայնքը վերջին հրաժեշտը տուած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանին։ Ան մահկանացուն կնքած է 8 մարտին, 63 տարեկանին։

Հիւանդութեան պատճառով վերջին տասնամեակին ան գտնուած է քոմայի (մահաքունի) մէջ, իսկ անոր պարտականութիւնները կատարած է պետութեան կողմէ որպէս փոխանորդ նշանակուած Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանը։

Մութաֆեանի աճիւնը ամփոփուած է Պոլսոյ Շիշլի շրջանի հայկական գերեզմանատան մէջ։