«Հայաստանի միջազգային պահուստները նախորդ ամսուան ընթացքին աւելցած են: «Ժողովուրդ» օրաթերթը Կեդրոնական դրամատան փաստաթուղթերէն տեղեկացած է, որ ՀՀ միջազգային պահուստները փետրուար ամսուն կազմած են 2 միլիառ 74,3 միլիոն տոլար, մինչ յունուարին այս թիւը աւելի քիչ էր՝ 1 միիառ 994,2 միլիոն տոլար:
«Ամենայն հաւանականութեամբ, միջազգային պահուստների աւելացման պատճառը կառավարութեան վերցրած նոր վարկային միջոցներն են: Որքան էլ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութիւնը փորձում է խուսափել արտաքին պարտքի բեռն աւելացնելուց` վարելով պարտքը սպասարկելու քաղաքականութիւն, միեւնոյնն է, որոշ դէպքերում ստիպուած է լինում վարկեր վերցնել:
Ու այդ վերցուած գումարներն էլ, փաստօրէն, փոխանցուել են պահուստային ֆոնտ»,-կը գրէ թերթը:
Նիւթն ամբողջութեամբ՝ թերթի այսօրուան թիւին: