image
Հրատապ լուրեր:

Նոր Զելանտայի մէջ մզկիթներուն վրայ յարձակողերուն զէնքերուն վրայ հայերէն եւ վրացերէն գրութիւններ եղած են

Նոր Զելանտայի մէջ մզկիթներուն վրայ յարձակողերուն զէնքերուն վրայ հայերէն եւ վրացերէն գրութիւններ եղած են

Նոր Զելանտայի մէջ մզկիթներու վրայ զինուած յարձակում գործած անձերու զէնքերուն վրայ տարբեր լեզուներով, այդ շարքին՝ վրացերէն եւ հայերէն գրութիւններ եղած են: Այս մասին կը վկայեն դէպքի առնչութեամբ տարածուած տեսանիւթերուն մէջ երեւցած քատրերը:

Վրաստանի պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը արդէն արձագանգած է տեղեկութեան՝ նշելով, որ կը համագործակցի գործընկերներու հետ, որպէսզի մանրամասներ պարզէ Նոր Զելանտայի մէջ ահաբեկչութենէն ետք ձերբակալուած անձերու եւ գրաւուած զէնքերու վերաբերեալ:


 

Վրացերէն գրուած են Դաւիթ Աղմաշենեպելի թագաւորի եւ Թամար թագուհիի ամուսնիի՝ ալաններու արքայորդի Դաւիթ Սոսլանի անունները: Ռուսերէն գրուած է՝ «Ճակատամարտ Քարկուլի մօտ 1770» (ռուս-թրքական պատերազմ), «Ճակատամարտ Պուլաիրի մօտ 1913»: Քատրերէն կ'երեւայ, որ պահունակներուն վրայ իսլամներու դէմ քրիստոնեաներու կողմէ տարբեր ժամանակներու տարուած յաղթանակներու ժամանակագրութիւն պատկերուած է:

Գրուած է նաեւ Միլոշ Օպիլիչ (սերպ ազգային հերոս, որ Քոսովոյի դաշտի ճակատամարտին սպաննած է սուլթան Մուրատ առաջինը), 1683 թուականի Վիեննայի ճակատամարտը, որ վերջակէտ դրաւ Օսմանեան կայսրութեան յառաջխաղացման:

Հայերէն գրուած է Սարիղամիշի ճակատամարտ (Առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին ռուսական եւ օսմանեան կայսրութիւններու ամենամեծ ռազմական բախումներէն է։ Ընթացած է 22 Դեկտեմբեր 1914 –էն մինչեւ 17 Յունուար  1915-ը, աւարտած է ռուսերու յաղթանակով)։

«Արմէնբրես»-ը կը փորձէ պատկան մարմիններէն ճշդել՝ հայերէն գրութիւնը որեւէ առնչութիւն ունի՞ Նոր Զելանտայի մէջ տեղի ունեցածին որեւէ հայու ներգրաւուածութեան հետ: