image

Թուրքիոյ բանտերուն մէջ 10 հազարէ աւել կին կը գտնուի․ թուրք ընդդիմադիր կուսակցապետ

Թուրքիոյ բանտերուն մէջ 10 հազարէ աւել կին կը գտնուի․ թուրք ընդդիմադիր կուսակցապետ

Թուրքիոյ ընդդիմադիր «Ժողովրդահանրապետական» (CHP) կուսակցութեան փոխնախագահ Սեզկին Թանրըքուլուն Twitter-ի իր էջին կին բանտարկեալներու թիւի մասին գրառում կատարած է։

News.am-ի փոխանցմամբ՝ Սեզին Թանրըքուլուն գրած է․ «Թուրքիոյ բանտերուն մէջ կան կալանուած ու դատապարտուած 10 հազարէ աւել կիներ։ Անոնցմէ 743-ը իրենց երեխաներուն հետ են։ Մայրերու հետ երեխաները բանտերուն մէջ պահելը ամենամեղմ խօսքով կարելի է անխղճութիւն անուանել»։