image

Պրիւքսէլի խորհրդաժողովին 7 միլիառ տոլար հանգանակուած է Սուրիոյ համար

Պրիւքսէլի խորհրդաժողովին 7 միլիառ տոլար հանգանակուած է Սուրիոյ համար

Եւրոմիութեան եւ ՄԱԿ-ի հրաւէրով 80-է աւելի երկիրներու ու կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ Պրիւքսէլի մէջ մասնակցած են Սուրիոյ նուիրուած երրորդ միջազգային խորհրդաժողովին:

Երկու օրուան ընթացքին միջազգային հանրակցութիւնը 7 միլիառ տոլար հանգանակած է  Սուրիոյ բնակչութեան եւ փախստականներուն օժանդակութեան համար: Այս ամսին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը:

Բացի այդ, խորհրդաժողովի մասնակիցները քննարկած են Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւնները եւ սուրիական ճգնաժամի կարգաւորման բանակցութիւններու վիճակը՝ լիակատար աջակցութիւն յայտնելով ՄԱԿ-ի հովանիի ներքոյ շարունակուող քաղաքական գործընթացին եւ կոչ ընելով աշխոյժացնել ահաբեկչութեան դէմ մղուող պայքարը: 

«Ես հպարտ եմ յայտարարելու, որ այստեղ հաւաքուած պատուիրակութիւնները հաւաքական պարտաւորութիւն ստանձնած են 7 միլիառ տոլար յատկացնել որպէս մարդասիրական օգնութիւն Սուրիոյ ժողովուրդին ու փախստականներուն»,- ըսած Է մարդասիրական օգնութեան եւ ճգնաժամային կառավարման հարցերով յանձնակատար Խրիստոս Սթիլիանիտիսը՝ ամփոփելով խորհրդաժողովի արդիւնքները: Ան ընդգծած Է, որ այդ գումարի երկու երրորդը պարտաւորուած են յատկացնել Եւրոմիութիւնը եւ հանրակցութեան անդամ առանձին երկիրներ: 

Բացի այդ, խորհրդաժողովի համանախագահներու ամփոփիչ յայտարարութեան մէջ ըսուած Է, որ եւս 2,4 միլիառ տոլար պիտի յատկացուի 2020 եւ 2021-ին համար:

Այսպիսով, խորհրդաժողովի մասնակիցները իրենց նախատեսածէն եւ անցեալ տարուան համեմատած 1 միլիառ տոլար աւելի հանգանակած են: