image

Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով երկու մեղադրեալ ազատ արձակուած է

Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով երկու մեղադրեալ ազատ արձակուած է

Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւններու թիւ 14 դատարանը նախօրէին ազատ արձակած է պոլսահայ լրագրող, «Ակօս» թերթի հիմնադիր եւ նախկին խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով երկու մեղադրեալ, այս մասին կը գրէ  «ՀայԹերթ»-ը:

Կը նշուի, որ դատարանը որոշած է Հետախուզական կոմիտէի նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեայ Մուհարրամ Տէմիրքալէի ու լրագրող Էրճան Կիւնի որպէս նախնական խափանման միջոց սահմանուած կալանքը փոխարինել երկրէն դուրս գալու արգելքով: 

Նշենք, որ Էրճան Կիւնն այն լրագրողն է, որ առաջին տարածողը եղած է Տինքը սպանած Օկիւն Սամասթի՝ ոստիկաններու հետ թրքական դրօշով արած տեսագրութիւնն ու նկարները:

Հիշեցնենք, որ Տինքի գործով քանի մը տասնեակ մեղադրեալ կայ, սակայն անոնց միայն մէկ մասը կը գտնուի կալանքի տակ: