image
Հրատապ լուրեր:

Պաքուի հետ կա՞պ. Գերմանուհի պատգամաւորը տուգանուած է

Պաքուի հետ կա՞պ. Գերմանուհի պատգամաւորը տուգանուած  է

Գերմանիոյ Քրիստոնեայ-դեմոկրատական միութիւն իշխող կուսակցութիւնը ներկայացնող պատգամաւոր Քարին Շթրենցը տուգանուած է այն բանի համար, որ ժամանակին Պունտէսթակին տեղեակ չէ պահած Ատրպէյճանէն ստացած յաւելեալ աշխատավարձի մասին:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ DW.com-ը, տուգանքի չափը կազմած է 20 000 եւրօ: Այս որոշում 14 մարտին կայացուցած է Պունտէսթակի վարչակազմը:

Կասկածները Շթրենցի նկատմամբ ի յայտ եկած են 2017-ին Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի ընթացքին ծագած կաշառակերութեան սքանտալի ընթացքին: Անոր անունը նշուած է 2018-ի ապրիլին անկախ փորձագէտներու՝ Պաքուի շահերը Եւրոպայի մէջ ներկայացնելու համար կաշառքներու մասին հրապարակած զեկոյցին մէջ:

Փաստաթուղթին մէջ ըսուած է, որ կաշառակերութեան սքանտալի հիմնական գործող անձը՝ նախկին պատգամաւոր Էտուարտ Լինթնըրը, Շթրենցը աշխատանքի ընդունած է իրեն պատկանող Line M-Trade խորհրդատուական ընկերութեան միջոցով, որ ֆինանսաւորուած է Պաքուէն եւ զբաղուաած Ատրպէյճանի շահերու յառաջխաղացմամբ:

Շթրենց մասնակցած է 2015-ին Ատրպէյճանի մէջ կայացած ընտրութիւններուն ներկայ դիտորդական առաքելութեան: Այդ պատճառով 2018-ին ան երկրորդ անգամ չէ առաջադրուած ԵԽԽՎ-ի մէջ:

Պատգամաւոր Շթրենցը յայտարարած է, որ տեղեակ չէ եղած Լինթնըրի ընկերութեան ատրպէյճանական եկամուտներու մասին եւ իր մեղքը ընդունած է միայն լրացուցիչ աշխատավարձի վերաբերեալ Պունտէսթակին ժամանակին տեղեակ չպահելու մասով: