image
Հրատապ լուրեր:

Մեկնարկած են Տիարպէքիրի Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցւոյ վերականգնման աշխատանքները

Մեկնարկած են Տիարպէքիրի Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցւոյ վերականգնման աշխատանքները

Թուրքիոյ Տիարպէքիր նահանգին մէջ գտնուող Սուրբ Կիրակոս եւ տեղի կաթոլիկ եկեղեցիներու վերականգնման աշխատանքները մեկնարկած են: Ֆինանսաւորումը կը կատարուի շրջակայ միջավայրի եւ քաղաքաշինութեան նախարարութեան կողմէ:

Այս մասին «Արմէնբրես»-ի հաղորդմամբ, կը տեղեկացնէ Dailysabah-ը, նշելով, որ կառավարութիւնը աշխատանքներու համար յատկացուցած է 15 միլիոն թրքական լիրա, որ պիտի վերահսկուի պետական հիմնադրամներու գլխաւոր տնօրէններու կողմէ:

Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին կառուցուած է 1376 թուականին եւ այն կը համարուի ամենամեծ հայկական եկեղեցին Միջին Արեւելքի մէջ: 2012 թուականի նոյեմբերին 32 տարուան ընդմիջումէ ետք այստեղ կատարուած է վերանորոգման յաջորդած առաջին եկեղեցական արարողութիւնը: Նոյն օրը եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է նաեւ առաջին պսակադրութիւնը: Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները իրագործուած են Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի նիւթական աջակցութեամբ: Աշխատանքներուն աջակցութիւն ցուցաբերած է նաեւ Տիարպէքիրի քաղաքապետարանը:

2015 թուականին սակայն, Տիարպէքիրի մէջ թուրք–քրտական բախումներու պատճառով տեղի եկեղեցիները լուրջ վնաս կրած են: