image

Վարչապետի ընտանիքը նախընտրած է Հալէպի քաղցրեղէն

Վարչապետի ընտանիքը  նախընտրած է Հալէպի քաղցրեղէն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կինը՝ Աննա Յակոբեանը, գրառում կատարած է, որուն ուղեկցող լուսանկարէն կը տեղեկանանք, որ վարչապետը դուստրերուն հետ տարուած է կիրակնօրեայ  ընթերցանութեամբ։

Լուսանկարը նաեւ կը յուշէ, որ վարչապետի ընտանիքը, իբրեւ կիրակնօրեայ քաղցրեղէն, այսօր նախընտրած է  Երեւանի մէջ հիմնուած «Հալէպ» ընկերութեան արտադրանքը. սեղանին «Հալէպ» ընկերութեան անուշեղէնի բացուած տուփն է։