image

Կարօ Փայլան ցաւակցած է պատրիարքի մահուան կապակցութեամբ

Կարօ Փայլան ցաւակցած է պատրիարքի մահուան կապակցութեամբ

Թուրքիոյ Մէճլիսի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան ցաւակցած է Պոլսոյ հայոց պատրիարք Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Մութաֆեանի մահուան առթիւ: Պատգամաւորը գրառում կատարած է, ուր մասնաւորապէս ըսած է.

«Ոչ եւս է Թուրքիոյ հայոց Մեսրոպ Բ. պատրիարքը։ Ան մեր յիշողութեան մէջ իր տեղը պիտի ունենայ որպէս անմոռանալի հոգեւոր առաջնորդ մը։ Թող ննջէ խաղաղութեամբ… Ցաւակցութիւններս…»: